Գլխաւոր Էջ
Ամսուան Յօդուածը24 Ապրիլ կամ հին տոմարով՝ 11 Ապրիլ, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր, առաջին անգամ նշուած՝ 11 Ապրիլ (24) 1919-ին, Պոլսոյ մէջ, Հայ եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութեան կողմէ եւ իբրեւ այդպիսին՝ պաշտօնապէս հաստատուած 1921-ին։ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակի օրը 24 Ապրիլին կը նշուի, որովհետեւ 1915-ի ա՛յդ օրը, Պոլսոյ հայ մտաւորականութիւնը Հայտարփաշա երկաթուղային կայարանէն կ'ուղարկեն մահուան ճանապարհ: Այդպիսով կը սկսի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդին տեղահանման եւ բնաջնջման ծրագիրը, որ կը շարունակուի քանի մը տարի: 1919-ին, երբ 24 Ապրիլը առաջին անգամ կը նշուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր, տակաւին կը գործէր հին տոմարը։ Երբ ի գործ կը դրուի նոր տոմարը, 13 օրերու յաւելումէն ետք, 11 Ապրիլը կը վերահաշուարկուի եւ 24 Ապրիլը կը դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օր․․․ Աւելին⇒ Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 11071-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 11 677 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝