Sunday Nov 10, 2013

«ԻՍԼԱՄԱՑՈՒԱԾ ԵՒ ԳԱՂՏՆԻ ՀԱՅԵՐԸ ՄԻԱՏԱՐՐ ՉԵՆ», ԸՍՏ ԵՐՈՒԱՆԴ ՄԱՆՈՒԿԻ

By adminx - Fri Oct 07, 5:36 am

«Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ամենակարեւոր հարցը ինքնութեան հարցն է», ըսաւ Երուանդ Պարետ Մանուկ` Փարիզի եւ Վենետիկի մէջ դասաւանդող պոլսահայ հայագէտ, «Իսլամացուած եւ գաղտնի հայեր» դասախօսութեան ընթացքին, Նիւ Եորքի մէջ: «Թէ՛ հայկական, թէ՛ քրտական, թէ՛ ալ ժողովրդավարացման հարցերը ուղղակի կապ ունին երկրի բնակչութեան կարեւոր մէկ մասին իր արմատները փնտռելու եւ ինքնութեան զարթօնքի հարցին հետ»:

Ըստ Մանուկի, որուն համալսարանական մասնագիտութիւնն է հայթրքական յարաբերութիւնները` տարբեր բնագաւառներու մէջ, «Պատմական եւ մարդաբնական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ ներկայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը պատմութեան ընթացքին բռնի կամ կամաւոր իսլամացուած, թրքացուած կամ քրտացուած ժողովուրդներու սերունդներէ կը բաղկանայ»:

Ան ըսաւ. «Ասոնք ժամանակի ընթացքին իրենց իրական արմատներուն հետ կապերը կորսնցնելով, իրենք զիրենք թրքական շրջաններու մէջ թուրք, իսկ քրտական շրջաններու մէջ ալ քիւրտ կը համարեն»:

«Իսլամացուած հայերու պարագան ալ այս ընդհանուր շրջագծին մաս կը կազմէ: Այս նիւթը բաւական ժամանակ թէ՛ հայերու, թէ՛ ալ թուրքերու համար թապու մը եղած է: «Երկու կողմերն ալ տարբեր պատճառներով նախընտրեցին լուռ մնալ», ըսաւ դասախօսը:

Մանուկ, որ այս նիւթին շուրջ համապարփակ գիրքի մը պատրաստութեան լծուած է, ըսաւ, որ` «վերջին 1520 տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ մէջ տեսնուող սահմանափակ ժողովրդավարացման գործընթացը, ուրիշ նիւթերու կարգին, մտաւորականներու եւ հայկական ծագում ունեցող մահմետականներու առիթ տուաւ, որ օր մը աւելի համարձակութեամբ արտայայտուին իսլամացուած հայերու այս բարդ նիւթին մասին»:

Այսօր ալ Թուրքիոյ հանրութեան համար հետաքրքրական նիւթ է կրօնափոխ, իսլամացուած կամ գաղտնի հայերու պարագան: Թրքական մամուլը լեցուն է թէ՛ դրական, թէ՛ ալ ժխտական զգացումներով գրի առնուած լուրերով եւ յօդուածներով:

Զուգահեռաբար, հայկական մամուլն ալ հակազդելով Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` լրատւութեամբ, թարգմանութիւններով եւ ուսումնասիրական յօդուածներով սկսաւ արծարծել բռնի իսլամացուած հայերու նիւթը:

Ներկայիս Թուրքիոյ ազգայնամոլ եւ կրօնամոլ շրջանակներու համար «հայ» բառը շատ անգամ իբրեւ հայհոյանք կամ նախատինք կը գործածուի: Ազգայնականներ մէկու մը նախատելու համար կ՛ըսեն, թէ ան հայկական ծագում ունի: Այս մթնոլորտին մէջ` «Ես հայ եմ», «Ես մահմետական հայ եմ», կամ «ես հայկական ծագում ունիմ» ըսելը Թուրքիոյ գաւառներուն մէջ շատ դժուար եւ վտանգաւոր երեւոյթ է: Վերջերս Թուրքիոյ որոշ չափով ժողովրդավարացման շնորհիւ` շատեր իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտել սկսան:

Հայերու իսլամացման գործընթացը Է. դարէն, արաբական արշաւանքներու շրջանէն կը սկսի: Հայաստանը նուաճելէ վերադարձող արաբական զօրքերը իրենց հետ բազմաթիւ երկսեռ մանուկ եւ երիտասարդ հայ գերիներ ալ կը տանէին իբրեւ աւար: Այս մանուկ եւ երիտասարդները ապրելու համար պարտաւոր էին իսլամանալու: Ասոնցմէ ոմանք ժամանակի ընթացքին արաբական աշխարհի մէջ շատ կարեւոր դիրքերու հասան:

Հայաստան հասնող մահմետականները (թուրք, քիւրտ, արաբ, պարսիկ եւ այլն) տեղացիներուն անմիաբան վիճակէն կ՛օգտուէին: Իրենց ներքին հակամարտութիւններուն պատճառով հայ իշխանաւորներ երբեմն նախընտրած են իրենց մրցակից հայ իշխանաւորներու դէմ եկուոր մահմետականներուն միանալ: Երբեմն ալ որոշ իշխանաւորներ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ տեսակի շահերէ մղուած` իրենց կամքով ընդունած են իսլամը եւ միւս հայերուն դէմ պայքարած են:

ԻՍԼԱՄԱՑՈՒՄԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Երկուորները երկրին տիրելու եւ տեղացիները իսլամացնելու համար հետեւեալ միջոցներու դիմած են.

Ա. Հայկական նախարարական համակարգի վերացում (այսպիսով, տեղացի հայերը առանց ղեկավարի կը մնային):

Բ. Հայ զանգուածներու բռնի կամ կամաւոր արտագաղթ (այսպիսով, թէ՛ տեղացի հայերու թիւը եւ ուժը կը պակսէր, թէ՛ ալ իսլամական նոր միջավայր արտագաղթած հայերը բռնի իսլամացնելը աւելի դիւրին կ՛ըլլար):

Գ. Հայերու գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ իսլամ բնակչութիւն տեղաւորել (այսպիսով, հայկական բնակավայրերը կը կորսնցնէին բնակչութեան միատարրութիւնը):

Դ. Հայ բնակչութեան բռնի իսլամացում (տեղւոյն վրայ բնակեցուած իսլամ բնակչութիւնն ալ այս գործընթացին կ՛օգնէր):

Ե. Իսլամ չեղող բնակչութեան զինուորական ուժի օգտագործում (Իսլամ չեղող բնակչութեան մէջ կատարուող բռնի մանկահաւաքի եւ բռնի իսլամացման միջոցով յատուկ բանակներ կը կազմուէին: Ենիչերիներուն մաս կազմող հայերու մէջ շատ բարձր պաշտօններու հասնողներ ալ եղած են):

Զ. Պետութեան վճարուող շատ բարձր հարկեր: Դրացի մահմետական ժողովուրդներու կատարած թալաններու եւ առեւանգումներու անպատիժ մնալը (Օսմանեան կայսրութեան մէջ մահմետական չեղող ժողովուրդները, մահմետականներու բաղդատմամբ, պետութեան շատ աւելի բարձր հարկեր կը վճարէին: Ասոր վրայ կ՛աւելնար նաեւ դրացի իսլամ ցեղախումբերու կատարած թալաններն ու առեւանգումները: Իսլամութիւնը ընդունիլը այս ծանր վիճակէն ազատելու ճամբայ մըն էր):

Պատմաբաններ կ՛ենթադրեն, որ երբ թուրքերը, սովէն մղուած, մոնկոլական տափաստաններէն սկսան Փոքր Ասիա ներխուժել, հազիւ 400 հազար հոգի էին: «Ինչպէ՞ս կրցան ամբողջ ազգեր նուաճել», հարց տուաւ Մանուկ: Ըստ դասախօսին, պարտուած ազգերուն ղեկավար դասակարգը կը գլխատէին (ոչ միայն փոխաբերական իմաստով) եւ կը հպատակեցնէին բռնի կերպով ենթակայ ազգերը` զանոնք դաժանօրէն իսլամականացնելով:

«Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին մեծ թիւով հայերը ընտանեօք իսլամանալով` իրենց կեանքը փրկեցին«, ըսաւ Մանուկ` աւելցնելով, որ սկիզբը հայերը իսլամացնելու այս գործընթացը իշխանութեան կողմէ ալ կը քաջալերուէր, բայց աւելի վերջ այս քաղաքականութիւնը փոխուեցաւ: «Երբ որ Եղեռնէն փրկուելու համար իսլամացած հայերու թիւը շատցաւ, իշխանութիւնը որոշեց նոյնիսկ իսլամացած հայերու մէկ մասը տարագրել եւ հալածել», ըսաւ զեկոյցի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 29ին Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր տաճարի սրահին մէջ:

ՄԻԱՏԱՐՐ ԶԱՆԳՈՒԱԾ ՉԵՆ

Իսլամացուած եւ գաղտնի հայերը միատարր զանգուած մը չեն: Ամէնքը իրարու չեն նմանիր: Անոնց մէջ կան շերտաւորումներ, եւ ամէն մէկ շերտի հետ յարաբերելու ռազմավարութիւնը միւսներէն տարբեր պէտք է ըլլայ:

Ընտանեօք իսլամացածնելու համար իրենց ինքնութեան հետ կապը պահպանելը համեմատաբար աւելի դիւրին էր: Անոնք ընդհանրապէս իրարու մէջ կ՛ամուսնանան, որովհետեւ իրենց ապրած փոքր բնակավայրերու իսլամ դրացիները գիտեն, թէ անոնք հայեր են եւ կ՛արհամարեն զանոնք:

Գաղտնի հայերը գիտեն, թէ հայ են եւ իրենց կրօնը քրիստոնէութիւնն է: Յամենայն դէպս իրենց ապրած այդ վտանգաւոր միջավայրին մէջ գոյատեւելու համար մահմետականի պէս կ՛ապրին: Վերջին տարիներուն իրենց իրական ինքնութեան եւ կրօնին վերադարձնողներուն թիւը օրէ օր կը շատնայ:

Իսլամացուած հայերը գիտեն, թէ իրենք հայերու սերունդներ են, բայց ա՛լ իսլամութիւնը իրենց իրական կրօնը եղած է:  Վերջերս շատեր իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտել սկսան: Եթէ ապագային Թուրքիոյ ժողովրդավարացման գործընթացը ա՛լ աւելի զարգանայ, վստահաբար իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտող մահմետականներուն թիւը շա՛տ աւելի պիտի բարձրանայ:

ՀԻՆԷՆ ԻՍԼԱՄԱՑՈՒԱԾՆԵՐԸ

Կան նաեւ շատ աւելի հինէն իսլամացուած հայերու սերունդներ: Ասոնք կարելի չէ հայ համարել: Ասոնք թուրք, քիւրտ, արաբ կամ ուրիշ ազգերէ մահմետականներ են, որոնց ընտանեկան տոհմածառին մէջ տեղ մը հայկական ծագում մը կայ: Ժամանակի ընթացքին հայութեան հետ գրեթէ բոլոր կապերը կորսնցուցած են եւ շատ անգամ լուր իսկ չունին, թէ հեռաւոր հայկական արմատներ ունին: Այս խումբին թիւը շատ բարձր է: Ասոնց մէջ կայ նաեւ փոքրամասնութիւն մը, որ լուր ունի իր հայկական արմատներէն, բայց ինքզինք հայ չի զգար:

Պատմութեան ընթացքին իսլամացուած հայեր գոյութիւն ունեցած են նաեւ արաբական երկիրներու, Պարսկաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Աֆղանիստանի, Հնդկաստանի եւ Մոնկոլիայի մէջ: Ներկայիս Սուրիոյ մէջ Հայոց Իսլամական Ցեղախումբ անունով ցեղախումբ (աշիրեթ) մը գոյութիւն ունի:

Հայկական ծագում ունեցող մահմետականներու ընդհանուր թիւը ճշգրիտ կերպով կարելի չէ գիտնալ: Պատմաբաններու եւ ընկերաբաններու ըրած հաշուարկումներու համաձայն, կը կարծուի, թէ անոնց թիւը 20 միլիոնէ աւելի է: Մահմետական հայերու համար 1-2 միլիոն, գաղտնի հայերու համար 300 հազարէն 1 միլիոն թիւերը կը տրուին: Բնականաբար այս թիւերը գիտական եւ ստոյգ չեն:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement