Հա

Ազգային

07/02/2016 - 09:40

ՆՒԻՐԵԱԼՆԵՐ - Մալխաս (Արտաշէս Յովսէփեան, 1877-1962)

Սփիւռքահայ սերունդներու ազգային-գաղափարական կազմաւորման ու ինքնաճանաչման մէջ անփոխարինելի աւանդ ներդրած է Մալխաս, որուն մահւան 54-րդ տարելիցը ոգեկոչեցինք յունւար 4-ին:
Վեց հատոր կազմող Մալխասի «Զարթօնք» վէպը բարձի գիրք եղաւ օտար ափերու վրայ հասակ նետած մեր սերունդներուն համար:

Հայկական Յեղափոխութեան անկրկնելի յուշարարն ու քարոզիչը

Ն.


Սփիւռքահայ սերունդներու ազգային-գաղափարական կազմաւորման ու ինքնաճանաչման մէջ անփոխարինելի աւանդ ներդրած է Մալխաս, որուն մահւան 54-րդ տարելիցը ոգեկոչեցինք յունւար 4-ին:
Վեց հատոր կազմող Մալխասի «Զարթօնք» վէպը բարձի գիրք եղաւ օտար ափերու վրայ հասակ նետած մեր սերունդներուն համար:
Բառին ամենէն վաւերական իմաստով փուռէն նոր դուրս ելած տաք հացի պէս սփիւռքահայութիւնը լափեց «Զարթօնք»-ը: Ոչ միայն պատանեկան մեր երեւակայութիւնը գերեցին Մալխասի կերտած հերոսները՝ Վարդանն ու Լեւոնը, Սոնիան ու Եւգինէն, Առիւծ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան, այլեւ՝ իւրաքանչիւրէն վարակիչ օրինակ մը, կեանքը իմաստաւորող վարքագիծ մը եւ գաղափարապաշտութեան անմեռ սերմեր արմատ նետեցին հաւաքական մեր էութեան մէջ:
Մալխասի «Զարթօնք»-ով անմահացած կերպարներն ու ազգային-գաղափարական արժէքները ընդգրկեցին 19-րդ դարավերջէն մինչեւ 1920-ականները երկարած հայոց պատմութեան ամենէն բախտորոշ, ողբերգական, այլեւ հերոսական ժամանակաշրջանը: «Զարթօնք»-ը փաստօրէն հանդիսացաւ վիպականացւած ժամանակագրութիւնն ու յուշագրութիւնը հայ յեղափոխական շարժման, որուն թէ՛ նւիրեալ մասնակիցներէն եղաւ, թէ՛ իբրեւ անմահ կտակ վիպական շունչով հետագայ սերունդներուն փոխանցողը դարձաւ ինք՝ Մալխաս:
Աւազանի մկրտութեամբ Արտաշէս Յովսէփեանի յեղափոխական ծածկանունն ու հետագային նաեւ գրչանունն էր Մալխասը: Ան ծնած էր 1877-ին, Տրապիզոն: Ուսումը ստացած էր Կարնոյ «Սանասարեան» վարժարանին մէջ, ուր եւ թրծւած էր դաշնակցականի իր աշխարհայեացքն ու նկարագիրը: Ուսումը նոր աւարտած՝ հաստատւած էր Սամսոն քաղաքը, ուր ծանօթացած էր հայ յեղափոխական շարժման ու նորաստեղծ Դաշնակցութեան առաջին գործիչներէն Եգիպտացիին (նոյնպէս Տրապիզոնի զաւակ՝ Արտաշէս Դեւեան) հետ, որուն ներշնչումով ալ երիտասարդ այդ տարիքին Մալխաս անդամագրւեցաւ Դաշնակցութեան: Իր սերնդակիցներէն շատերու պէս ինք եւս ստիպւեցաւ պանդխտութեան դիմելու: Եղբայրը արդէն պանդուխտ գացած էր Միացեալ Նահանգներ: Մալխաս հետեւեցաւ եղբօր, քանի մը տարի մնաց Միացեալ Նահանգներ, ուր նոր հիմնւած ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»-ին կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ՝ ազգային-հայրենասիրական յօդւածներով:
1900-ականներու սկզբնաւորութեան վերադարձաւ Երկիր ու իբրեւ Դաշնակցութեան լիազօր գործիչ ուղարկւեցաւ յաջորդաբար Ուրմիոյ շրջանը եւ Վան: Իրեն վստահւեցաւ Խոյի եւ Ս. Թադէի վանքի զէնքերու փոխադրութեան եւ պահեստաւորման գործը: Մաս կազմեց նաեւ Սասնոյ օգնութեան փութացող զինատար խումբերուն:
1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք հաստատւեցաւ իր ծննդավայրը՝ Տրապիզոն, ուր ձեռնարկեց ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Խարիսխ» թերթի հրատարակութեան: Իսկ երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը, Մալխաս ամբողջապէս նետւեցաւ Տրապիզոնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ:
Այնուհետեւ, Հայ Կամաւորական շարժման միանալով՝ Մալխաս իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումի դիւցազնական ճակատամարտներուն: Ընտրւեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր եւ պատնէշի վրայ արթուն հսկողի իր նւիրումն ու գործունէութիւնը շարունակեց մինչեւ 1921-ի Փետրւարեան ապստամբութիւնը եւ, անոր աւարտէն ետք, Զանգեզուրի վրայով զանգւածային նահանջը դէպի Պարսկաստան:
Տարագրութեան մէջ եւս, աւելի քան քառասուն տարի, Մալխաս մնաց պատնէշի վրայ: Վերջնականապէս հաստատւեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխոյժ եւ ղեկավար մասնակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան ինչպէս կազմակերպչական, նոյնպէս եւ երիտասարդ սերունդներու գաղափարական դաստիարակութեան աշխատանքներուն մէջ:
Կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Հայրենիք» ամսագրին: Այդ շրջանին ամբողջացուց իր կոթողական գործը՝ «Զարթօնք»-ը, ինչպէս նաեւ յուշագրական երկը՝ «Ապրումներ» խորագրով:
Մալխաս 85 տարեկան էր դեկտեմբեր 1962-ին, երբ հրապարակային ելոյթներու համար հրաւիրւեցաւ Բէյրութ: Սրտի կաթւածը, սակայն, թոյլ չտւաւ, որ հայ ազգային-ազատագրական այս մեծ նւիրեալն ու անզուգական յուշարարը ի կատար ածէ նաեւ իր վերջին առաքելութիւնը: Տարւեցաւ Բէյրութի Սի.Էմ.Սի. հիւանդանոցը, ուր եւ յունւարի 4-ին առյաւէտ փակեց իր աչքերը՝ խոր սուգի մատնելով ողջ հայութիւնը, հայրենամերձ գօտիի հայօջախներէն մինչեւ անդրովկիանոսեան ափերու մեր գաղութները:
Անկրկնելի Մալխասի յիշատակին նւիրւած այս հակիրճ վկայութեան աւարտին կարժէ նշել, որ յունահայութիւնը օրին տասնօրեայ սուգ հռչակեց՝ յարգելու համար Գործը հայոց սերունդներու ազգային-գաղափարական ինքնաճանաչման ի խնդիր այնքան հիմնական եւ անփոխարինելի շունչ ու ոգի ներարկած Հայկական Յեղափոխութեան մեծ վկային:

Յարակից լուրեր

  • Հայ յեղափոխականի ուղեցոյցը
    Հայ յեղափոխականի ուղեցոյցը

    Եկէք կատեգորիաների բաժանենք մարդկանց ապրելակերպն ու կենցաղը։ Բազմաթիւ պայմաններից եւ պատճառներից ելնելով` մարդը լինում է մի քանի տեսակ։ Մարդ կարող է իր գոյութիւնն ամբողջովին տրամադրել սեփական շահերից բխած նպատակներին. իրաւունք է, բայց՝ ինքնասէր եւ անձնակենտրոն։ Կարող է կեանքի ողջ ընթացքում ծառայել իր ընտանիքին, ընկերներին եւ շրջապատին. իրաւունք է եւ երբեմն՝ օրինակելի։ Կարող է նաեւ իր կեանքը պատկերացնել որեւէ մասնագիտական ոլորտում ներդրում ունենալով. իրաւունք է, բայց՝ սահմանափակ։ Եւ կան մարդիկ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքով ու էութեամբ գործունէութիւն են ծաւալում ի նպաստ ընդհանուրի յաջողութեան եւ հաւաքական յաղթանակի. տեսակ է, բայց ո՛չ բոլորինը։

  • Դաշնակցութիւնը իր գործին խստագոյն քննադատն է
    Դաշնակցութիւնը իր գործին խստագոյն քննադատն է

    Դիմատետրի էջիս տեղադրած «ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԻ ԳԱՐ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ» յօդուածիս առիթով երէց ընկերս Կարօ Արմէնեան կատարած է սքանչելի նկատողութիւն, որուն ճշմարտութիւնը, հարազատութիւնը եւ իմաստութիւնը թարգմանն է իւրաքանչիւր Դաշնակցականի գաղափարական բծախնդրութեան։

  • Ի՞նչ անել երբ էշդ գողացել են
    Ի՞նչ անել երբ էշդ գողացել են

    Զոյա Թադէոսեանը (արժէ՞ ներկայացնել) Դաշնակցութեանը 24 ժամ է տւել, որ ներողութիւն խնդրի այս օրերին իր հասցէին հնչեցւած «վիրաւորանքների» համար, այլապէս, սպառնացել է` մտքի դրածն անել:

    Հիմա ես մի քիչ կասկածում եմ, որ որեւէ մէկը Զոյա Թադէոսեանից յանկարծ ներողութիւն խնդրի, որովհետեւ, եթէ մէկը կայ, որ պէտք է ներողութիւն խնդրի հայ ժողովրդից (ինչը եւ արեց) ու արցախեան հերոսամարտի զոհերից, դա Զոյա Թադէոսեանն է, որ իր աբսուրդ յայտարարութիւններով մաքուր օդում իսկական ամպրոպ պայթեցրեց: 

  • Ձեզ ո՞վ է սնանում
    Ձեզ ո՞վ է սնանում

    Արդարութեան կացինահարները Դաշնակցութեանը մեղադրում են անարդարութեան մեղքով։

    Հաւասարութեան ոտնահարները Դաշնակցութեանը այպանում են անհաւասարութեան յանցանքով։

    Ազատութեան իրաւունքների կաշկանդները Դաշնակցութեանը պախարակում են ազատութեան իրաւունքների զլացումով։

  • Ամէն ջանք թափել իրականացնելու համար զանոնք
    Ամէն ջանք թափել իրականացնելու համար զանոնք

    Դաշնակցական կոչուելու համար բաւական չէ տեսականօրէն յարել Դաշնակցութեան ծրագրին ու կանոնագրին եւ համակրանքով ընդունել կանոնագրութեան հինգ պահանջներն ու կուսակցական որոշումները եւ կրաւորական կերպով ենթարկուել նրանց:

Ամենաշատ ընթերցւած

Հեղինակություն © 2011-2017 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանված են։