Հայ
Խաչիկ Ճանոյեան
Գաղութային Լուրեր
Գաղութային Լուրեր
Ապրիլ 06 , 2017 , 14:53

ԴՈԿՏ. ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

     Հինգշաբթի, Ապրիլ 6-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Մերտինեան վարժարանի Արամ եւ Անահիտ Պուլղուրճեան սրահին մէջ (13330 Riverside Dr., Sherman Oaks, CA 91403) տեղի պիտի ունենայ «Արցախի հարցին արմատները» նիւթին շուրջ դասախօսութիւն։

    Դոկտ. Քլոտ Մութաֆեան Փարիզ ծնած, Ֆրանսայի եւ աշխարհի զանազան երկիրներու համալսարաններու մէջ 40 տարի ուսողութիւն դասաւանդած գիտնական մըն է: Ան նաեւ մեծ հետաքրքրութիւն ունի պատմութեան նկատմամբ:

 

«ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ը  «ԱՄԵՆԱՀԱՄԵՂ» ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ՄԷՋ

     Հոլիվուտի Little Armenia շրջանին մէջ մեծաթիւ հայեր ապրելուն համար, քաղաքապետարանը զայն անուանած է «Փոքրիկ Հայաստան»: Հոն ունինք երկու Առաքելական եկեղեցիներ, Աւետարանական աղօթատեղիներ, ամէնօրեայ վարժարան, Տաղլեան սրահ, բազմաթիւ ճաշարաններ, անուշավաճառներ, Հայ կեդրոն եւ թերթեր:

     Ամերիկեան «Ֆորպզ» հեղինակաւոր թերթը, ներկայացուցած է աշխարհի ամէնէն հետաքրքրական ճաշատեսակներու համար աշխարհի լաւագոյն 9 զբօսաշրջութիւններու առաջարկներ: Լաւագոյն խոհարարական ցանկին վրայ Լոս Անճելըսի Փոքրիկ Հայաստան (Little Armenia) եղած է այդ 9 շրջաններէն մին, կերակուրներու խոհարարական մշակոյթի բազմազանութեամբ եւ անուշեղէններու համեղութեամբ:

 

«ՀՈԳԻՍ ՔԵԶՄՈՎ ԿԸ ԽԱՅՏԱՅ» ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

     Մարտ 26-ին, Կլենտէլի հայ սքուլի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հոգիս քեզմով կը խայտայ» թուրք գրող՝ Քեմալ Եալչինի փաստագրական գրքի թատերականացումը, դերակատարութեամբ հայրենի ծանօթ արուեստագէտներ Արթուր Կարապետեանի եւ Սաթենիկ Հախնազարեանի եւ խումբ մը մեծանուն դերասաններու:

     2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, այս թատերախաղը առաջին անգամ ներկայացուած է Նիւ Եորքի մէջ: Հեղինակը՝ Քեմալ Եալչին, այս գործով կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն պարտադրաբար կրօնափոխ եղած հայերու կեանքէն օրինակներ:

    «Որպէս թուրք գրող, ձեզմէ եւ աշխարհէն ներողութիւն կը խնդրեմ», ըսած է Քեմալ Եալչին Հայոց Ցեղասպանութեան համար:

 

«ՍԻՐՈՎ ԱՊԱԳԱՅԻՑ» ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ

      Քաղաքիս «Լեւոն Թրավըլ» ճամբորդական ընկերութիւնը, որ գրասենեակներ ունի Երեւան, Պէյրութ եւ Լոս Անճելըս, ամէն տարի արուեստի տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող հայրենի արուեստագէտներ կը հրաւիրէ ԱՄՆ։ Մայիս ամսուան մէջ այս ընկերութիւնը ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի մէջ 6 ելոյթներ ունենալու համար հրաւիրած է «Սիրով ապագայից» թատերախաղը Հայաստանէն:

    Մայիս 7-ի երեկոյեան ժամը 7-ին խումբը ելոյթ կ՚ունենայ Փասատինա Քոլէճի սրահին մէջ: Ապա խումբը կը մեկնի Սաքրամէնթօ, Թորոնթօ, Մոնթրէալ, Պոստոն եւ Ֆրեզնօ:

 

ՄՈՐԻՍ ՄԻՍԱՔ ՔԵԼԵՇԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Մորիս Միսաք Քելեշեան ասպարէզով ելեկտրական ճարտարագէտ է, միեւնոյն ատեն անկախ հետազօտող մը: Ունի հայկական ուսումնասիրութիւններ, հետազօտութիւններ եւ աշխատանքներ: Մարտ 19-ին, Արարատ-Էսքիճեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Անթիլիասը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն առաջ» անոր դասախօսութիւնը կազմակերպուած թանգարանին եւ NAAFR-ի կողմէ:

    Դասախօսը ծանրացաւ Լիբանանի Անթուրա որբանոցին վրայ, ուր 1915-1918-ի տարիներուն 2000-է աւելի հայ որբեր ապաստան գտած էին, սակայն հետագային՝ թրքացուած։ Այս որբանոցին մէջ էր, որ հայ որբերը գորգ մը հիւսած եւ նուիրած էին Ամերիկայի Calvin Coolidge նախագահին, որ մինչեւ օրս ալ կը պահուի Սպիտակ Տան մէջ:

 

«ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ»Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

      Մարտ ամսուն լոյս տեսաւ Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի Հիւսիսային Ամերիկայի Սանուց Միութեան «Հայ Երուսաղէմ» պաշտօնաթերթի 48-րդ թիւը: Երուսաղէմի ՍԹՎ Սանուց Միութիւնը իր հիմնադրութենէն ի վեր եռանդուն աշխատանք կը տանի օգտակար ըլլալու իրենց նախկին համաքաղաքացիներուն: Միութիւնը ամէն տարի նիւթական օժանդակութիւն կը հասցնէ իրենց մայր դպրոցին՝ Երուսաղէմի ՍԹՎ, նմանապէս Հայաստանին, Իրաքահայերուն, Սուրիահայութեան:

     Միութեան բաբախուն սիրտն է ՍԹՎ վարչութիւնը, ղեկավարութեամբ՝ գաղութիս ծանօթ մտաւորականներէն Նահապետ Մելքոնեանի: 

 

«ՎԵՐՋԻՆ ԲՆԱԿԻՉԸ» ՖԻԼՄԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

     Ուրբաթ, Ապրիլ 7, երեկոյեան ժամը 8։30-ին Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ պիտի ցուցադրուի բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» (The Last Inhabitant) շարժանկարը: Այս ֆիլմը նկարահանուած է Արցախի մէջ։ Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է Արցախի Արուեստներ եւ Մշակոյթ կազմակերպութեան կողմէ: 

 

 ԱՐԹՈՒՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

     Մարտ 3-էն 31, Artsy.Net Արթսի միջազգային համացանցի կայքին վրայ ցուցադրուեցան հայրենի տաղանդաշատ արուեստագէտ Արթուր Սարգիսեանի Լոս Անճելըսի մէջ հրատարակած ստեղծագործութիւնները: Սարգիսեան արուեստի այս գործերը պատրաստած էր 2016-ին, Լոս Անճելըս գտնուած հինգ ամիսներուն ընթացքին:

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ

    Մարտ 4-ին, Կլենտէյլի Իրանահայերու Միութեան Այնթապլեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային Հայ Կանանց Միութեան կողմէ կազմակերպուած շատ հետաքրքրական գիտաժողով մը՝ “Pathway to Leadership” բնաբանով: Ձեռնարկը տեւեց առաւօտեան ժամը 10.30-էն մինչեւ 3:

    Գիտաժողովը համադրեց Մոնիք Սվազլեան-Թալոն, իսկ խօսողներն էին Լիլիթ Ենոքեան, Սոնա Մովսէսեան, Աննա Մինէճեան: Ճաշի սպասարկումէն ետք՝ խօսք առաւ Մարթա Հաուսքի: Գեղեցկօրէն կազմակերպուած եւ խիստ շահեկան զեկոյցներու գիտաժողով մըն էր: Կ՚արժէ որ այս զեկոյցները հատորի մը մէջ ամփոփուին ու հրատարակուին:

 

 «ԼԱՐՔ»Ի ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՄԵՆԱՄՍԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳԸ

      Ուրբաթ, Մարտ 10-ի երեկոյեան ժամը 9-ին, «ԼԱՐՔ»ի Թրբանջեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի իսկապէս հրաշք երաժշտական կեդրոնի ամենամսեայ համերգը:

     Կեդրոնի տարբեր բաժիններու ուսանողութիւնը դաշնամուրի, ջութակի, թաւջութակի, կիթառի, սրինգի, ձայնամարզութեան, սենեկային նուագախումբի աշակերտներ, այս անգամ իրենց յօրինած երաժշտական կտորները ներկայացուցին, արժանանալով ներկայ հոծ բազմութեան երկարատեւ ծափահարութիւններուն:

 

 «ԼԱՐՔ»-Ի «ԴԻԼԻՋԱՆ» ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐԸ

      «Լարք» երաժշտանոցի «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան 12-րդ համերգաշարով հանրութեան կը ներկայացնէ վեց համերգներ, ղեկավարութեամբ համերգաշարի վարիչ՝ Մովսէս Պօղոսեանի:

     Մարտ 19, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին տեղի ունեցաւ այս համերգաշարի հերթական ձեռնարկը, դարձեալ «Զիփըր» մեծանուն համերգասրահին մէջ:

Խօսք եւ բառ չունինք մեր հիացմունքը յայտնելու Վաչէ Պարսումեանի հմուտ ղեկավարութեան տակ գործող «Լարք» երաժշտական կեդրոնի աշխատանքներուն հանդէպ:

 

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ “FASHION SHOW”-Ն

      Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017, Universal Hilton-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 52-րդ տարեկան նորաձեւութեան ցուցադրութիւնը:

    Այս ձեռնարկը շատ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ: Այդ օր, 24 կրպակներով պիտի ցուցադրուին եւ վաճառուին հագուստեղէնի մեծանուն ընկերութիւններու արտադրութիւնները։ Տիկիններու մեծ փաղանգ մը ամիսներ կ՚աշխատին այս ձեռնարկը մեծ վարպետութեամբ կազմակերպելու համար, ներկաներուն անմոռանալի ժամեր պարգեւելով:

     Տոմսերու համար դիմել՝ Սեդա Մաթէոսեանին (626) 258-6424, կամ Սալբի Մանկրեանին (626) 355-3789։

 

ՈՒԻԼԵԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

      Մեծանուն գրող Ուիլեամ Սարոյեան աշխարհահռչակ գրողը նաեւ արտակարգ նկարիչ մըն էր, որ մեծապէս ազդած եւ նպաստած է իր գրականութեան: «Նկարչութիւնը եւ գծագրութիւնը կեանքիս մէկ մասն էր», կը գրէ Սարոյեան:

     Մարտ 2-էն մինչեւ Մայիս 7, Կլենտէյլի Antacus Theatre-ի մէջ (110 E, Broadway, Glendale, CA) պիտի ցուցադրուին Ուիլեամ Սարոյեանի բնական նկարները:

     Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Ուիլեամ Սարոյեան հիմնադրամի եւ Armenian Dramatic Arts Allian-ի (ADAA) կողմէ:

 

Լրահոս - 07 Ապրիլ 2019
Սիւնակագիրներ
Հրաչ Սեփեթճեան Ծնած է 1969-ին, Պէյրութ, Լիբանան։Կիպրոսի ՀԲԸՄ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը աւարտած է 1987-ին։Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայկական Բանասիրական բաժանմունքէն շրջանաւարտ ՝1994-ին։1980-ական թուականներէն կ՚աշխատակցի «Զարթօնք»ին եւ ապա՝ «Նոր Օր»ին։1994-2000 օգնական խմբագիր «Զարթօնք»ի։1993-էն ի վեր հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի ուսուցիչ Լիբանանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։Լիբանանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ եղած է եւ է գործօն անդամ ՀԲԸՄ-ի, ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի շրջանակներէն ներս, վարելով զանազան պաշտօններ։Ներկայիս՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի Հայերէնի Բաժանմունքի վարիչ։ «Նոր Օր»ի խմբագիր՝ Մարտ 2016-էն։  
Վաչէ Սեմերճեան Ծնած է 1938-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Շրջանաւարտ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն եւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն՝ որպէս քիմիագէտ։ Շրջան մը եղած է ուսուցիչ Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս։ Ապա, վկայուելով որպէս կաշուեմշակութեան վարպետ, տասը տարի  կը գործուղղուի Եթովպիա եւ Աֆղանիստան։ 1976-ին կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափ, գործօն անդամ դառնալով ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի։ Կաշուեմշակութեամբ աշխատելէ ետք, կը հրաւիրուի Հոլիվուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարան, դասաւանդելու համար հայագիտական նիւթեր։ Հանգստեան կը կոչուի 2009 թուականին։1956-էն ի վեր կ՚աշխատակցի ռամկավար ազատական մամուլին։ 1977-էն առ այսօր ծաւալուն գործունէութիւն ունեցած է «Նոր Օր»էն ներս որպէս խորհրդական եւ ղեկավար։  Վեց տարի եղած է պատասխանատու խմբագիրը «Նոր Օր» շաբաթաթերթին։Վաչէ Սեմերճեան հեղինակ է չորս հատորներու. «Ապրուած սփիւռքը», «Յիշատակելի դիմաքանդակներ», եւ «Լուսարձակին տակ» Ա. Եւ Բ. հատորներ։ 
Յակոբ Մարտիրոսեան   Ծնած է Սուրիոյ Արաբ-բունար գիւղաքաղաքը 1943 թուականին։ 1949-ին Հալէպ փոխադրուած է ուր յաճախած է տեղւոյն Կրթասիրաց վարժարանը, ապա Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանը, եւ վկայուած 1964-ին։ Նոյն տարին, քաղաքական աննպաստ պայմաններու հետեւանքով ընտանեօք վերադարձած են Լիբանան, Պէյրութ, ուր շարունակած է իր ուսումը, հաշուապահութեան եւ տնտեսագիտութեան մարզերուն մէջ։ Ապա լծուած աշխատանքի զանազան հաստատութիւններու մէջ, ինչպէս Ապրոյեան հաստատութիւն եւ Պանք Ալ Արապի, վարելով բաժնի տնօրէնութեան պաշտօններ։ 1976-ին հաստատուած է Լոս Անճելըս, Միացեալ նահանգներ, ուր շարունակած է աշխատիլ արհեստավարժ  ինքնաշարժի ընկերութիւններու եւ հաստատութիւններու մէջ, ուսումը շարունակելով եւ մասնագիտանալով այդ ճիւղին մէջ։Հանգստեան կոչուած է 2012 թուականին։ Յակոբ Մարտիրոսեան անդամակցած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ՀԲԸՄ-ին եւ Թէքեան Մշակութային Միութեան, 1958 թուականէն սկսեալ, Հալէպի մէջ, Սուրիա։ Ան շարունակած է իր միութենական եւ կուսակցական գործունէութիւնները Լիբանանի մէջ, Պէյրութ, ուր անդամակցած է Փորթուգալեան ակումբին, եւ եղած է հիմնադիրը Անթիլիասի ՌԱԿ Յովսէփեան ակումբին։  Լոս Անճելըսի մէջ, շարունակած է իր միութենական եւ կուսակցական  աշխատանքները վարելով ատենադպիրի պաշտօններ Գերսամ Ահարոնեան ակումբին եւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեանց մէջ, ատենապետի պաշտօն՝ Ռուբէն Հերեան ակումբի, եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագիրի պաշտօնը 2011 թուականէն մինչև Մարտ 2016 թուականը:  
Սարգիս Մինասեան Ծնած է Դամասկոս, Սուրիա՝ 1933-ին: Ընտանեօք Լիբանան փոխադրուելով, շրջանաւարտ կը դառնայ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն 1953-ին: Ապա՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ստանայ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսը Եւրոպայի արդի պատմութեան մէջ:Շուրջ երեսուն տարի եղած է ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարիչ-տնօրէն, վարելով ՀԲԸՄ-ի գործերը: Պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է մշակութային եւ մասնաւորաբար թատերական կեանքէն ներս: ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր՝ 1964-74:1986-ին կը հաստատուի Լոս Անճելըս, դառնալով «Նոր Օր»ի խմբագիր մինչեւ 1990: Մինասեան կը մնայ գլխաւոր սիւնակագիրներէն մէկը «Նոր Օրի: 1992-էն ի վեր լոյս կ'ընծայէ Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան «Տեղեկատուն»:Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մասին լոյս ընծայած է «Մայրիներու երկրին աւերակումը» հատորը 2003-ին: Ունի բազմաթիւ թարգմանութիւններ: 13 տարի եղած է հանրային վարժարանի մը գրադարանապետը:Լոս Անճելըսի մէջ կը շարունակէ գործօն իր դերը ՀԲԸՄ-էն եւ Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եօլ) հայրենակցական միութենէն ներս, որուն հիմնադիրներէն է եւ ատենապետը՝ 2012-էն ի վեր:
Խաչիկ Ճանոյեան Ծնած է Մուսուլ, Իրաք։ Շատ փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ մայրն ու հայրը։ 1956-ին  կը տեղափոխուի Պաղտատ։ 1966-ին կ՚աւարտէ Պաղտատի պետական համալսարանը, վկայուելով լեզուագիտական գոլէճի սպաներէնի բաժինէն։Պաղտատի մէջ եղած է գործօն անդամ ՀԲԸՄ-ի։ 1968-ին անցնելով Պէյրութ հայագիտական ուսումը կը ստանայ Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկէն եւ նոյն տարիներուն կը զբաղի ուսուցչութեամբ։ Նոյն տարին կ՚անդամագրուի ՌԱԿ-ին։ 1972-ին կը վերադառնայ Պաղտատ, որպէս հայերէնի ուսուցիչ։ Յաջորդ տարի կ՚անցնի Արժանթին, ուր կը վարէ ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրեսի մասնաճիւղի վարիչ քարտուղարի պաշտօնը եւ միութեան «Լուսաբաց» եռամսեայի խմբագրութիւնը։ Հիմնադիրներէն է Մարի Մանուկեան վարժարանին։1975-էն ի վեր կ՚ապրի եւ կը գործէ Լոս Անճելըսի մէջ։ Եղած է «Նոր Օր»ի վարչական պատասխանատու, խմբագիրի օգնական եւ խմբագրական կազմերու անդամ։ Կ՚աշխատակցի սփիւռքահայ մամուլին։Ճանոյեան շատ գործօն տարր մըն է Լոս Անճելըսի մէջ։  Հիմնադիրներէն է եւ ատենապետը Իրաքահայերու Միութեան։ ՀԲԸՄ-էն, ԹՄՄ-էն եւ ՌԱԿ-էն ներս տարած է եւ կը տանի բազմաբեղուն աշխատանք։35 տարի շարունակ հիմնած եւ ղեկավարած է Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ վարժարանը։ Մեծապէս նպաստած է գաղութահայ մշակութային եւ գրական կեանքին, եկեղեցական կեանքին եւ պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով եւ պատուոյ գիրերով։ Ամուսնացած է, ունի երեք զաւակ եւ հինգ թոռնիկ։
Մինաս Գոճայեան Ծնած է Պէյրութ, 1946-ին։ Յաճախած է ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը, ապա հետեւած է լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներու Փարիզի մէջ եւ աւարտած՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական ճիւղը, միաժամանակ հետեւելով հնագոյն պատմութեան եւ հնագիտութեան դասընթացքներու։ Դոկտորական աստիճան կը ստանայ 1980-ին։Հայոց լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն եւ մշակոյթ դասաւանդած է Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն եւ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս։ Աշխատակցած է եւ կ՚աշխատակցի սփիւռքահայ մամուլին։ Եղած է «Նոր Օր» շաբաթաթերթի պատասխանատու խմբագիր։ Անգլիատառ AIM-ի հիմնադիր-խմբագիրներէն է եւ ներկայիս մաս կը կազմէ Keghart.com-ի խմբագրութեան եւ պատասխանատու խմբագիրն է Երուսաղէմի «Սիոն» պաշտօնաթերթին։Խմբագրած եւ պարզեցուցած է հայ դասական գրողներու գործեր, նաեւ հեղինակ է հայոց լեզուի եւ պատմութեան դասագիրքերու։ Խմբագիրն է «Պատմութիւն Չորք-Մարզպանի» յուշամատեանին։  
Գէորգ Քէօշկէրեան Ծնած է Երուսաղէմ և վեց տարեկանին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Հալէպ։ Ուսման բարձրագոյն վկայականը եղած է Մաքիստրոս Արուեստից Տիտղոս՝ Անգլերէն լեզուի ուսուցման մէջ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն։ 1976-ին հաստատուած է Լոս Անճելըս և 1980-ին ամուսնացած է Սիլվա Տագէսեանի հետ ու բախտաւորուած երկու զաւակներով՝ աղջիկ մը և մանչ մը։ 2009-ին հանգստեան կոչուած է 25 տարիներու ծառայութենէ մը ետք՝ Լոս Անճըլոսի դպրոցական միացեալ ցանցին մէջ, ինը տարի որպէս ուսողութեան ուսուցիչ և 16 տարի որպէս փոխ-տնօրէն։ Անդամ է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու և Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան։  
Սարգիս Մինասեան Ծնած է Դամասկոս, Սուրիա՝ 1933-ին: Ընտանեօք Լիբանան փոխադրուելով, շրջանաւարտ կը դառնայ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն 1953-ին: Ապա՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ստանայ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսը Եւրոպայի արդի պատմութեան մէջ:Շուրջ երեսուն տարի եղած է ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարիչ-տնօրէն, վարելով ՀԲԸՄ-ի գործերը: Պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է մշակութային եւ մասնաւորաբար թատերական կեանքէն ներս: ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր՝ 1964-74:1986-ին կը հաստատուի Լոս Անճելըս, դառնալով «Նոր Օր»ի խմբագիր մինչեւ 1990: Մինասեան կը մնայ գլխաւոր սիւնակագիրներէն մէկը «Նոր Օրի: 1992-էն ի վեր լոյս կ'ընծայէ Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան «Տեղեկատուն»:Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մասին լոյս ընծայած է «Մայրիներու երկրին աւերակումը» հատորը 2003-ին: Ունի բազմաթիւ թարգմանութիւններ: 13 տարի եղած է հանրային վարժարանի մը գրադարանապետը:Լոս Անճելըսի մէջ կը շարունակէ գործօն իր դերը ՀԲԸՄ-էն եւ Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եօլ) հայրենակցական միութենէն ներս, որուն հիմնադիրներէն է եւ ատենապետը՝ 2012-էն ի վեր:
Արա Ահարոնեան Ծնած է Թրիփոլի, Լիբանան։ Նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, 1976-ին կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ եւ կ՚աւարտէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Էլէքթրոնիք ճարտարագիտութեան բաժինը։ Անդամ է ՌԱԿ-ի եւ երիտասարդական տարիներէն մինչ օրս վարած է եւ կը վարէ պատասխանատու պաշտօններ կուսակցութենէն եւ Թէքէեան Մշակութային Միութենէն ներս։ «Նոր Օր» պաշտօնաթերթի երկարամեայ աշխատակից։Ահարոնեան գործօն տարր մըն է լոսանճելըսահայ կեանքէն ներս, ներկայացնելով ՌԱԿ-ը համագաղութային ծրագիրներու մէջ։ Հեղինակ է Հայաստանի, Արցախի եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նուիրուած հատորներու։ Ներկայիս կը պաշտօնավարէ ապահովագրական ընկերութեան մը մէջ, որպէս ծրագրող-խորհրդատու։