ՈՒՇԻ

0

Կրթական վաստակաւոր մշակ եւ  գրող Մարգար Շարապխանեան ծանօթ անուն է Հայաստանի գրական շրջանակին, նաեւ Քանատայի, ուրկէ եկած է ու իր վերջնական կայքը հաստատած է Աշտարակի շրջանի Ուշի գիւղին մէջ. հոն տուն շինած է եւ իր ու իր քանատահայ բարեկամներուն եւ գիւղացիներուն նուիրատուութեանց շնորհիւ, գիւղին մէջ կանգնած է Մշակութային կեդրոն մը, իր բոլոր յարմարութիւններով: Ան տարիներու հայրենասիրական իր երազը իրականութեան վերածեց, երբ լքելով Քանատայի իր հանգստաւէտ կեանքն ու կայքը, եկաւ հաստատուելու Հայաստան:

Շաբաթ, 28 Հոկտեմբերը անձրեւոտ օր մըն էր, երբ Հայաստանի Գրողներու Միութեան խումբ մը անդամներով ճամբայ ելանք դէպի Ուշի, հրաւէրովը Մ. Շարապխանեանի, որ «Հայաստան» հրատարակչութեան հետ կազմակերպած էր նախկին հալէպահայ, ապա՝ ֆրանսաբնակ գրող Մովսէս Պչաքճեանի գիրքերուն շնորհանդէսը: Մ. Պչաքճեան եղաւ այն բացառիկ բախտաւորը, որուն ամբողջական գործերը 8 հաստափոր հատորներով եւ գեղատիպ կազմով լոյս տեսան Հայաստանի մէջ:

Պչաքճեան ծնած է  Հալէպ 1940-ին, յաճախած է Կրթասիրաց վարժարան,   Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարան, որուն անդրանիկ շրջանաւարտներէն եղած է, ապա  Դամասկոսի համալսարան:  Ան հանրաճանաչ դարձաւ իր բանաստեղծական, արձակ ու վիպական բարձրարժէք գրականութեամբ: Մ. Պչաքճեան Լիոնի մէջ իր աչքերը փակեց 17 Հոկտ.  2016-ին:

Իր գրիչին կը պատկանին «Անցողիկն ու Անժամանցելին», «Մինչեւ Վերջինը Արեւներուն», «Աշխարհահայեաց Պատուհան», «Լուսաւոր Աչքերով Օտարականը», «Վարագոյրը Իջնելէ Առաջ», «Խմելով Քաղաքը», «Անկատար Վերծանումներ», «Լուացք Փռուած Տանիքի Վրայ», «Անկարելի Կարելին»:

Սփիւռքի կողքին Հայաստանն ալ գիտցաւ գնահատել զինք, փաստը՝ ահա՛… Այդ օր գիւղի Մշակոյթի կեդրոնը լեցուն էր թէ՛ գիւղացի, եւ թէ Երեւանէն ժամանած գրասէր հասարակութեամբ:

Յոբելիարին ամբողջական գործերուն շնորհանդէսը կը զուգադիպէր անոր անժամանակ մահուան առաջին տարելիցին: Անոր անձին եւ գործերուն մասին դրուատանքի խօսքերով բեմ բարձրացողներուն մէջ էին ՀԳՄ փոխնախագահ Պ. Տէմիրճեան, գրող-մտաւորականներ՝ Արեւշատ Աւագեան, Մերուժան Տէր Գուլանեան, Թորոս Թորանեան, Մարգար Շարապխանեան եւ ուրիշներ: Ձեռնարկէն ետք պատշաճ հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ:

Միշտ չէ որ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ գրողներ պատիւի արժանացած են: Սփիւռքահայ գրողներու եւ գրականութեան նոյն արժէքը չէ տրուած որքան տեղականին, սակայն Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, սփիւռքահայ գրականութիւնն ու արեւմտահայերէնը սկսան սիրով հիւրընկալուիլ հայրենիքի մէջ: Մասնաւորաբար այսօր ամէն մարդ գիտէ, թէ արեւմտահայ հարուստ գրականութիւնը գանձարան մըն է, որմէ օգտուելու է Հայաստանը եւ որուն պահպանման պատասխանատուն ալ ի՛նք ըլլալու է,  քանի  Սփիւռքը անապահով հող է մեր դարաւոր լեզուն եւ մշակոյթը պահպանելու համար:

Յակոբ Միքայէլեան

 

Share.

Leave A Reply

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.