Հայ ժողովուրդը կ’ապրի իր հազարամեայ պատմութեան թերեւս ամենավճռորոշ փուլը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 3 Հոկտեմբերին հայ ժողովրդին յղուած իր ուղերձին մէջ ընդգծեց ազրպէյճանաթուրքական հրոսակախմբերը միայն ռազմական կամ ռազմաքաղաքական հարց լուծելու նպատակ չէ, որ կը հետապնդեն: Անոնք միայն Ղարաբաղի կամ Ղարաբաղի հարցին ետեւէն չէ, որ եկած են: Անոպք չեն եկած միայն տարածքներ, գիւղեր կամ քաղաքներ գրաւելու: Անոնց նպատակը հայութիւնն է, անոնց նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան իրենց քաղաքականութեան շարունակութիւնն է, եւ անոնք նպատակ ունին հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակելու:
«Բայց այսօր, այստեղ ուզում եմ ասել, որ հիմա այլեւս` հայը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին, Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացին Տէր Զօրի ճամբորդը չէ: Այսօր, քան երբեւէ, մենք համակուած ենք մեր ինքնութիւնը, մեր հայրենիքը, մեր իրաւունքը պաշտպանելու անխորտակելի վճռականութեամբ»,-վստահութիւն յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան:
Վարչապետը համոզուած է նաեւ երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց ունենալով Արցախի Պաշտպանական շրջաններու հրամանատարներուն, գումարտակներու հրամանատարներուն, նոյնիսկ առաջին գիծի վրայ գտնուող շարք մը զինուորներու, սպաներու եւ ենթասպաներու հետ: «նրանց ասել եմ, որ սիրում եմ բոլորին, հպարտանում եմ իրենցով, խոնարհւում եմ իրենց առաջ: Նրանց ասել եմ, որ հայ ազգը, որ նահատակ եւ կենդանի հերոսների շնորհիւ ճաշակել են յաղթանակի անզուգական համը, այլեւս համաձայն չէ որեւէ ուրիշ ճակատագրի»,-նշեց Հայաստանի վարչապետը: